2009-03-17 14:04:46

2009 երիտասարդութեան տարի`


2009 երիտասարդութեան տարի`

կոչ բոլոր թեմերուն, միութիւններուն ու կառոյցներուն որպէսզի երիտասարդութիւնը մնայուն ու առաջնահերթ տեղ գրաւէ հայ կեանքէն ներս եւ ներառելու եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս։



ա - Յատուկ ձեռնարկներու, ծրագիրներու ու աշխատանքներու ճամբով վերաշեշտելու հայ երիտասարդութեան առանցքային տեղն ու վճռական դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։



բ - Երիտասարդական շարժումներ յառաջացնելու՝ յատկապէս օտար շրջանակներուն մէջ մնացած հայ երիտասարդներուն ներարկելու մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային արժէքները եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի հայ կեանք։



գ -Կազմակերպ ու հետեւողական աշխատանք տանելու՝ գործնապէս մասնակից դարձնելով երիտասարդութիւնը մեր թեմերու, կառոյցներու ու համայնքներու կեանքին ու գործունէութեան։



դ - Դէպի մասնագիտութիւն ընթացող ներկայ ընկերութեան մէջ քաջալերելու բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողները եւ պատասխանատու պաշտօններ վստահելու զանազան բնագաւառներէն ներս մասնագիտութեան տիրացած մեր երիտասարդներուն։

Խորապէս կը հաւատանք, որ երկխօսութեան ճամբով բաժնեկից դառնալով մեր երիտասարդութեան մտահոգութիւններուն, աջակից անոր ծրագիրներուն ու գործակից անոր նախաձեռնութիւններուն՝ պիտի կարենանք անոր ուժական ներդրումը ապահովել մեր կեանքին։

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհքներով ծաղկազարդէ կեանքը մեր ազգի բոլոր երիտասարդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.